2016-05-31 11:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը` Քրիստոնեան կը ծառայէ ուրախութեամբ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Եթէ սորվէինք ծառայել եւ ընթանալ դէպի ուրիշները, աշխարհը բոլորովին կը փոխուէր'' այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին եզրակացութիւնը։ Ծառայութիւն եւ հանդիպում, ըսաւ Քահանայապետը, մեզի փորձարկել կու տան ուրախութիւնը եւ կեանքը կը լեցնեն։

Նորին Սրբութիւնը օրուան խորհրդածութիւնը նուիրեց Աստուածամօր, Մարեմեան ամսուայ եզրափակումին առթիւ ակնարկելով կիներու քաջութեան, ուրիշներու ընթանալու կարողութեան, ուրիշներու ձեռք երկարելու եւ մօտիկութիւն ցուցաբերելու իրողութեան, ու այս բոլորէն աւելի ուրախութեան։

Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը ուր կը խօսուի Աստուածամօր իր ազգականին Եղիսաբեթի տուած այցելութեան, Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ Մարիամին մատուցած ծառայութիւնը կը կատարուի առանց տատանումի։ Ան, ինչպէս գրուած է Աւետարանին մէջ, շուտով կը փութայ իր ազգականին մօտ թէեւ ինք` 16 -17 տարեկան աղջնակը եւս յղի էր։ Քաջ էր Մարիամ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, ունէր կնոջ քաջութիւն ու Եկեղեցին եւս ունի քաջ կիներ` Աստուածամօր նման։ Կիներ որոնք յառաջ կը տանին իրենց ընտանիքները, դաստիարակութիւն կու տան իրենց զաւակներուն, կը խնամեն հիւանդներ ու կը պայքարին ցաւին ու դժուարութիւններուն դէմ եւ կը ծառայեն։ Ծառայութիւնը արդարեւ քրիստոնէական յատկանիշ է, ըսաւ հուսկ Սրբազան Հայրը ու հաստատեց թէ ''այն որ ծառայութեան համար չ՛ապրիր, չի ծառայեր կեանքին''։ Ծառայութիւն ուրախութեան մէջ, ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու մատնանշեց Եղիսաբեթի եւ Մարիամի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին, որ կը կայանայ ուրախութեան մէջ։

''Եթէ սորվէինք ծառայել եւ ընթանալ դէպի ուրիշները, աշխարհը բոլորովին կը փոխուէր'' որովհետեւ հանդիպումը այլ քրիստոնէական յատկանիշ մըն է։ Եթէ անձ մը կ՛ըսէ թէ ինք քրիստոնեայ է եւ կարող չէ ուրիշին երթալ ու անոր հանդիպել, ամբողջութեամբ քրիստոնեայ չէ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, նշելով թէ ըլլայ ծառայութիւնը ըլլայ հանդիպումը կը մղեն դուրս գալ մենք մեզմէ։ Դուրս գալ ծառայելու, դուրս գալ հանդիպելու, ու այլ անձ մը ողջագուրելու։

Ահա Մարիամին այս ծառայութեամբ է ու անոր հանդիպումով է որ կը նորոգուի Տիրոջ խոստումը, հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը աւելցնելով թէ Տէրը ծառայութեան մէջ է Տէրը հանդիպման մէջ կը գտնուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.